Հոլանտայի արտաքին գործերու նախարար Թոմ Պերենտսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 27 Հոկտեմբերին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի, Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթոր Պիյակովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հոլանտայի դեսպան Մարիքէ Հարիէթ Մոնրոյ-Վինթերի ուղեկցութեամբ։
Թոմ Պերենտսըն ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Հիւրերը այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ՀՑԹՀ-ի թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան տարբեր ասպեկտներուն։
Շրջայցի աւարտին Թոմ Պերենտսըն գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։
Աւարտին ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան շնորհակալութիւն յայտնած է պատուիրակութեան անդամներուն այցելութեան համար եւ պատուիրակութեան ղեկավարին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։