1 Յունուար 2027-էն Առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգը պիտի ընդլայնուի, եւ աւելի քան 350.000 քաղաքացիի համար եւս ծածկոյթը հասանելի պիտի դառնայ։
Այս մասին յայտնած է առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է։
Ան նշած է, որ այդ խումբերուն մէջ պիտի ներառուին
- Մինչեւ 200 հազար դրամ աշխատավարձ ստացող քաղաքացիները,
- Թաքսի ծառայութիւններու մէջ ներգրաւուած աշխատակից քաղաքացիները,
- Փոխկապակցուած անձերու հնարաւորութիւնը (200-500 հազար դրամ ստացող քաղաքացին կրնայ իր ընտանիքի մէկ անդամը ներառել համակարգին մէջ, իսկ եթէ 500 հազար դրամէ աւելի է, կրնայ ընտանիքի 2 անդամ ներառել),
- Քաղաքացիաիրաւական պայմանագրերով աշխատող քաղաքացիները։
Աւանէսեան նաեւ յայտնած է, որ մօտ 1 միլիոն 800 հազար մարդ արդէն իսկ կ՚օգտուի Առողջապահութեան ապահովագրութենէն։