Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ-էն. Պորտիւժա

հեղինակ՝
28 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստանը պէտք է հեռացնել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն, քանի որ երկիրը չի մասնակցիր կազմակերպութեան աշխատանքներուն, սակայն անոր հետ անհրաժեշտ է համաձայնեցնել բոլոր որոշումները. յայտնած է ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա։

Պորտիւժայի խօսքով՝ եթէ Հայաստանը կասեցնէ իր մասնակցութիւնը, բայց դուրս չելլէ կազմակերպութենէն, կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ լիիրաւ անդամ։

«Եթէ անոնք ՀԱՊԿ լիիրաւ անդամներ են, ապա բոլոր որոշումները, որոնք կազմակերպութեան մէջ կ՚ընդունուին համաձայնութեամբ, պէտք է կայացուին՝ նկատի առնելով նաեւ անոնց դիրքորոշումը։ Սակայն այսօր այդ դիրքորոշումը, ըստ էութեան, կը հակասէ ՀԱՊԿ-ի մէջ իրականացուող քաղաքականութեան»,- նշած է ան։

ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղարին կարծիքով՝ Հայաստանի համար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ամբողջութեամբ դուրս գալ կազմակերպութենէն, իսկ եթէ Երեւանը ատիկա չըներ, ապա զայն պէտք է հեռացնել։

«Ես զանոնք պիտի հեռացնէի։ Անդամավճարներ չեն վճարեր, մասնակցութիւն չունին։ Եթէ լուրջ տրամադրուած են, պէտք է պարզապէս դուրս գան։ Բայց քանի որ անոնց դիրքորոշումը երկակի է՝ չեն ուզեր դուրս գալ, չեն ուզեր աշխատիլ, չեն մասնակցիր, զանոնք պէտք է հեռացնել»,- ըսած է Պորտիւժա։

Աւելի վաղ, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով յայտնած էր, որ 11 Նոյեմբեր 2026-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին կրնայ քննարկուիլ Հայաստանը կազմակերպութենէն հեռացնելու հարցը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss