«Հայաստան» Դաշինքը Դէմ Պիտի Քուէարկէ ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Համաձայնագրին

հեղինակ՝
27 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը դէմ պիտի քուէարկէ ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ համաձայնագրին, յայտնեց խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան։

«Փաստացի երկկողմ պայմանագիր կը համարուի։ Երկու կողմերն են ՀՀ-ն ու ԱՄՆ-ը։ Բայց բովանդակութեան մէջ առկայ է երրորդ կողմը, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանը։ Աւելին՝ Ատրպէյճանի շահերը աւելի ուղիղ կերպով արտացոլուած են այս փաստաթուղթին մէջ, քան կրնայ ըլլալ ՀՀ շահը։ Ի՞նչ կը ստանայ կողմերէն մէկը․ ԱՄՆ ուղիղ ներկայացուածութիւն կը ստանայ տարածաշրջանին մէջ, ան պիտի ըլլայ Իրանի հետ սահմանին, կարեւոր ռազմավարական հատուածի մը մէջ։ Ատրպէյճանը կապ կը ստանայ Նախիջեւանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, բան մը, որ եղած է Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ երազանքը, ռազմավարական նպատակ, անոր իրականացումը արտացոլուած է այս փաստաթուղթին մէջ։ Ի՞նչ կը ստանայ ՀՀ-ն։ Այդ հարցին, երբ քաղաքական մեծամասնութիւնը կը փորձէ պատասխանել, առաջին բառը կ՚ըլլայ ապաշրջափակում, հողի վրայ որեւէ հաղորդակցութիւն չի ապաշրջափակուիր, որեւէ սահման չի բացուիր։ Այսինքն առաջին պատասխանն արդէն իսկ սխալ է», — ընդգծեց Աննա Գրիգորեան։

Խորհրդարանական միւս ընդդիմադիր ուժը՝ «Ուժեղ Հայաստանը» եւս խիստ կը քննադատէ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը, սակայն այս ուժէն դեռ չեն յստակացուցած, թէ ինչպէս պիտի քուէարկեն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss