Ըմբիշ Կարէն Ասլանեան Դարձաւ Աշխարհի Ախոյեան

հեղինակ՝
27 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, 63քկ քաշային Կարէն Ասլանեան դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկէ մետալակիր։

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 63քկ քաշային դասակարգի եզրափակիչին Կարէն Ասլանեան մրցեցաւ Ատրպէյճանը ներկայացնող Նիհատ Մամատլիի հետ եւ առաւելութեան հասաւ 8-4 հաշիւով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss