Վատիկանի Մէջ Ցուցադրուած Են Պապերու Գործածած «Mercedes»-ները

հեղինակ՝
30 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Վատիկանի մէջ ցուցադրուած են պապերու գործածած ութ «Mercedes»-ները

Վատիկանի թանգարաններուն մէջ բացուած է «Պապամոպիլի մէկ դարը» խորագրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են ութ Mercedes-Benz ինքնաշարժներ, որոնցմով տարբեր ժամանակներու տեղաշարժուած են Հռոմի պապերը։ Ցուցադրութեան ամենահին ինքնաշարժը Հռոմի պապ Պիոս XI-ին նուիրած են 23 Մայիս 1930-ին։ Mercedes-Benz Nürburg 460-ը ունեցած է մետաքսէ պաստառով շքեղ բազկաթոռ, ինչպէս նաեւ փայտէ եւ մետաղէ պատրաստուած մասունքներ։

Տարիներու ընթացքին ինքնաշարժները փոփոխուած են՝ նկատի առնելով պապերու ապահովութիւնը եւ հաւատացեալներու հետ շփուելու անհրաժեշտութիւնը։ 1960-ին Յովհաննէս XXIII պապին նուիրուած ինքնաշարժին ետեւի կողային ապակիները կարելի էր հանել, որպէսզի ան կարենար ողջունել ճամբուն վրայ հաւաքուած մարդիկը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին նուիրուած ելեկտրական «պապամոպիլը»։ Հռոմի Լեւոն XIV պապը, հանդիպելով Mercedes-Benz-ի ղեկավարներուն, կոչ ըրած է շարունակելու արհեստագիտական նորարարութիւնները գործածել մարդու արժանապատուութեան, բնութեան պահպանման եւ հանրային բարօրութեան համար։

ԱնցնիլՎեր