Նոր Սերունդի Կենսաչափական Համակարգի Գործարկման Եւ Անձնագրերու Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութիւն (Տեսանիւթ եւ լուսանկարներ)

հեղինակ՝
1 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ եղած է ՀՀ-ի մէջ նոր սերունդի կենսաչափական համակարգի գործարկման եւ անձնագրերու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան։

Միջոցառման ներկայ եղած են ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Արթուր Աթապէկեանը, փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանն ու Տիգրան Խաչատրեանը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Լիլիթ Մակունցը, ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեանը, Եւրոպական յանձնաժողովի գաղթի եւ ներքին գործերու գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Եոհաննէս Լուխները, IN Groupe ընկերութեան խորհուրդի նախագահի եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Եան Հակէն, «ՀայՓաս» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ, IN Groupe ընկերութեան միջազգային առեւտուրի զարգացման ղեկավար Իզապէլ Լոզոն եւ «Քորթորասիոն Ամերիկա օդակայաններ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էօռնէկեանը, օրէնսդիր, գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ եւ այլք։

Միջոցառման հանդէս եկած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը, ներկայացուած են նոր կենսաչափական անձնագրի էջերուն բովանդակութիւնը նկարագրող կարճատեւ տեսանիւթեր:

Ելոյթով հանդէս եկած է Ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեանը, այնուհետեւ ՀՀ առաջին կենսաչափական նոր անձնագրերը յանձնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին:

Յաջորդիւ երկրի ղեկավարը նոր կենսաչափական անձնագրեր յանձնած է խմբավար եւ երաժշտահան Լորիս Ճգնաւորեանին եւ խումբ մը երիտասարդներու, որոնց ծննդեան օրն էր այն օր։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss