Իրան բարձրաձայնած է շարք մը պահանջներ, այդ շարքին՝ քարիւղի արտահանման սահմանափակումներու վերացումը, տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի զինեալ ներկայութեան կրճատումը եւ իր բոլոր արգելափակուած գործօններու ապասառեցումը։ Այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչի։
Ան ներկայացուցած է Իրանի յառաջ քաշած շարք մը պայմանները, որոնց կատարումը ճամբայ պիտի հարթէ բանակցութիւններու համար։
«Մեր պայմաններուն շարքին են Իսլամապատի յուշագրէն ետք սահմանուած պատժամիջոցներու վերացումը, տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ ուժերու թուաքանակի կրճատումը, քարիւղի արտահանման սահմանափակումներու վերացումը եւ բոլոր արգելափակուած գործօններու, այդ շարքին՝ Քաթարի հաշիւներուն մէջ գտնուող միջոցներու ապասառեցումը»,- յայտնած է Արաղչի
Իրանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է՝ Թեհրան կը պահանջէ նաեւ Հորմուզի նեղուցէն անցնող միակ գործող երթուղի ճանչնալ այն, որ համաձայնեցուած է Օմանի իշխանութիւններուն հետ համատեղ։ Իրան նաեւ կը պահանջէ դադրեցնել բոլոր պատերազմները տարածաշրջանին մէջ, այդ շարքին՝ Լիբանանի հակամարտութիւնը։