Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակի Նշում Սթամպուլի Մէջ

հեղինակ՝
1 Նոյեմբերի 2026
13 ր. ընթերցում

Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը հարիւր տարեկան է։ Այսօր անոր շրջանաւարտներէն հազիւ վեց-եօթը հոգի կը բնակի Սթամպուլի մէջ։ Թիւով քիչ, բայց իրենց դպրոցին հանդէպ նոյնքան հաւատարիմ՝ անոնք որոշեցին, որ Մելգոնեանի հարիւրամեակը չէր կրնար աննշմար անցնիլ նաեւ իրենց ծննդավայր քաղաքին մէջ։

Արդարեւ, 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին հիւրընկալեց Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած փառաւոր համերգ մը, որ երաժշտական բարձրորակ կատարումներով եւ յուզական բովանդակութեամբ երկար պիտի մնայ ներկաներուն յիշողութեան մէջ։ Ձեռնարկին կազմակերպման համար ամիսներ առաջ աշխատանքի լծուած էին մելգոնեանցի Շնորհիկ Ալթուն եւ իր գործակիցները՝ համագործակցութեամբ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։

Երաժշտական յայտագրին պատրաստութիւնը ստանձնած էր դարձեալ մելգոնեանցի մը՝ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեան։ 

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր, Տ. Սարգիս, Տ. Գէորգ եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քահանայ Հայրերը, ինչպէս նաեւ Արժ. Տ. Ներսէս Քահանայ։ Ներկայ էին Հայաստանի ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի գերապայծառին ներկայացուցիչ Հայր Աբրահամ, Պէյօղլուի սարկաւագները, Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի գլխաւորութեամբ, եւ մշակութասէրներու հոծ բազմութիւն մը։

Գաւիթին երկու կողմերը զետեղուած Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու մեծադիր դիմանկարները կարծես կ’ապահովէին բարերարներուն բարոյական ներկայութիւնը։

Հանդիսավար Գարոլին Սարըպօյաճեան- Մամիկոնեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ հաստատութեան հարիւրամեայ պատմութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերին։Այնուհետեւ շրջանաւարտներուն անունով խօսք առաւ Տիգրան Ալթուն, որ սրտառուչ արտայայտութիւններով փոխանցեց նախկին սաներուն երախտագիտութիւնն ու կարօտը իրենց կրթօճախին հանդէպ։

Համերգին յայտագիրը հոգեւոր, քնարական եւ հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու ճաշակաւոր ընտրութիւն մըն էր։ Աւելի քան վաթսուն անդամներէ բաղկացեալ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին բոլոր կատարումները ձօնուած էին Մելգոնեանի անմոռանալի երաժշտութեան ուսուցիչներուն՝ Բարսեղ Կանաչեանի, Վահան Պէտէլեանի եւ Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակին։

Երեկոյի ամենայուզիչ պահերէն մէկը Մելգոնեան կրթական հաստատութեան քայլերգի կատարումն էր։ Մելգոնեանցիներուն համար այդ երգը իրենց աշակերտական տարիներն էր, ընկերները, ուսուցիչները եւ դպրոցական ամբողջ կեանքը՝ ամփոփուած ծանօթ մեղեդիի մը մէջ։ Այդ երեկոյ քայլերգը հնչեց Սթամպուլի մէջ՝ անգամ մը եւս հաստատելով, որ Մելգոնեանի պատմութիւնը միայն Կիպրոսի մէջ չէ գրուած, այլ շարունակուած է աշխարհի բազմաթիւ հայ գաղութներուն մէջ։

Մելգոնեանի հարիւրամեակին նուիրուած երեկոն կը փակուէր հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող երգով մը, որ կարծես պատասխան կու տար նաեւ Մելգոնեանի ապագայով մտահոգ մարդոց. պատմութիւնը տակաւին չէ աւարտած։Համերգէն ետք հանդիսավար Գարոլին Սարըպօյաճեան-Մամիկոնեան մելգոնեանցիներուն շնորհակալութիւնը փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով նպաստած էին տօնակատարութեան իրականացման։ 

Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ գնահատանքի յուշատախտակներ յանձնուեցան կազմակերպիչներուն եւ պատասխանատուներուն։

Հուսկ բանքին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Յակոբ Մամիկոնեանի եւ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին կատարողական մակարդակն ու նուիրումը։ Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նաեւ պոլսահայ մելգոնեանցիները՝ իրենց նախաձեռնութեան համար, եւ յիշեցուց, որ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու տեսիլքը այսօր եւս կը պատգամէ պահպանել հայեցի կրթութիւնն ու ազգային արժէքները։ Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանին՝ հանդիսութեան կազմակերպման մէջ իր կարեւոր ներդրումին համար։ 

Կազմակերպիչները պատրաստած էին նաեւ գեղեցիկ, գունաւոր գրքոյկ մը՝ Մելգոնեանի պատմութեան, առաքելութեան եւ ժառանգութեան նուիրուած գրութիւններով, պատմական տեղեկութիւններով ու սրտի խօսքերով, որպէս գրաւոր յիշատակ այս բացառիկ երեկոյէն։

ԱնցնիլՎեր