Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ Քիեւ չի ճանչնար Ղրիմի եւ Ռուսաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող ուքրանական միւս տարածքներու պատկանելիութիւնը Ռուսաստանին։
Այս մասին ան յայտնած է Թուրքիա կատարած այցի ընթացքին։
Զելենսքիի խօսքով՝ Քիեւի առաջնահերթութիւնը ներկայիս շփման գիծի երկայնքով զինադադարի հաստատումն է, որմէ յետոյ պիտի քննարկուին մնացած հարցերը։
Ան նշած է, որ խաղաղ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ կրնան ներառուիլ ուժանիւթային զինադադարը, ծովուն մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը եւ գերիներու փոխանակումը։
Զելենսքի հնարաւոր գագաթաժողովի գլխաւոր նպատակը համարած է լիակատար եւ անվերապահ զինադադարի հասնիլը, միջազգային վերահսկողութեան մեխանիզմի ստեղծումը եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրումը։
Աւելի վաղ, Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ յայտնած էր Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին։