ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստանը արդէն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ է։
Միաժամանակ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկը համալրուեցաւ հայկական նոր յայտով՝ «Արենի-1 քարայր. նախնադարեան կեանքը եւ գինեգործութիւնը Արփա գետի հովիտին մէջ»։
Յայտը պատրաստուած է պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ՝ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան, «Արենի-1 քարայր» գիտահետազօտական հիմնադրամի եւ «Հայաստանի էնոթուրիզմի խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ ջանքերով, վերջինիս ֆինանսաւորմամբ։