20 Տարուան Ընթացքին Աշխարհի Մէջ Զոհուած Է Աւելի Քան 1600 Լրագրող

հեղինակ՝
2 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Աւելի քան 1,600 լրագրող սպաննուած է աշխարհի մէջ վերջին 20 տարուան ընթացքին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր չորս օրը մէկ լրագրող զոհուած է։ Այդ մասին ըսուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նոր զեկոյցին մէջ։

«2006 թուականէն ի վեր, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն սկսաւ պարբերաբար դիտարկում իրականացնել, աշխարհի մէջ զոհուած է 1641 լրագրող՝ միջին հաշուով իւրաքանչիւր չորս օրը մէկ», – ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Կը նշուի, որ զինեալ հակամարտութիւնները լրագրողներու զոհուելու հիմնական գործօնն են։

Վերջին երկու տարուան ընթացքին այն երկիրներուն մէջ, ուր զինեալ հակամարտութիւններ չեն եղած, լրագրողներու սպանութիւններու թիւը հասած է վերջին 18 տարուան ընթացքին ամենացած մակարդակին (62 սպանութիւն)։

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ նշած են, որ նուազած է նաեւ զոհուած կին լրագրողներու թիւը։ Սակայն յաճախակիացած են լրատուամիջոցներու՝ 25–29 տարեկան աշխատակիցներու զոհուելու պարագաները։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss