Շոյկու. Ռուսաստան Չի Պատրաստուիր Յարձակելու Արեւմուտքի Երկիրներուն Վրայ

հեղինակ՝
2 Նոյեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Ռուսաստան չի ծրագրեր յարձակիլ այլ պետութիւններու վրայ կամ անոնց դէմ խառնածին պատերազմներ վարել։ Այդ մասին յայտնած է ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու։

«Ինչո՞ւ մենք պէտք է զայն ընենք։ Մենք չենք պատրաստուիր այս կամ այն երկիրը քանդելու», — ըսած է Շոյկու ՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսաստան կրնա՞յ Արեւմուտքի երկիրներու քաղաքականութիւնը օգտագործել նոյնինքն իրենց դէմ։

«Աստուած չընէ հասնիք այն օրուան, երբ Ռուսաստան ձեր դէմ խառնածին պատերազմ սկսի։ Ապրեցէք հանգիստ, պէտք չէ մեր վրայ յարձակիլ, մենք չենք պատրաստուիր որեւէ մէկուն վրայ յարձակելու»,- նշած է ան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss