Լեռնային Ղարաբաղէն 53.039 Տեղահանուած Դիմած Է ՀՀ Քաղաքացիութեան Համար

հեղինակ՝
4 Նոյեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

«1 Նոյեմբերի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերէն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմած է 53.039 անձ»,-յայտնած է Հայաստանի ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան, 2027 թուականի պետական պիւտճէի նախնական քննարկման՝ Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին։

Անոր խօսքով՝ ՀՀ նախագահի հրամանագրով քաղաքացիութիւն շնորհուած է 32.690 անձի, իսկ 14.344 անչափահաս քաղաքացիութիւն ստացած է անձնագրաւորման ձեւով»,– աւելցուցած է Արփինէ Սարգսեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss