Հայաստանի ներքին գործերու փոխնախարար Արմէն Ղազարեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացին։
«Մենք արդէն ունինք 53.000-էն աւելի դիմումներ քաղաքացիութեան ձեռքբերման մասով, եւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 45.000-էն աւելի մեր հայրենակիցները ստացած են արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Մենք հնարաւորինս կը պարզեցնենք այն վարչարարական գործընթացները, որոնցմէ կ՚անցնին մեր հայրենակիցները»,- ըսաւ ան։
Անդրադառնալով քաղաքացիութիւն ստանալու ձգձգումին, Ղազարեան ըսաւ, որ օրէնքը կը նախատեսէ՝ վարոյթի մեկնարկէն իվեր այդ ժամկէտը չի կրնար գերազանցել 90 աշխատանքային օրը։ «Եթէ մենք կ՚ունենանք նմանատիպ ժամկէտի խախտումներ, ես կրնամ ձեզի վստահեցնել, որ այդ խախտումները եզակի են»։