Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն Հայաստանը հեռացնելու մասին խօսք չկայ։
Այս մասին յայտնած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով՝ Եւրասիական անվտանգութեան հարցերով Մինսքի 4-րդ միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին։
Մասատիքով նաեւ տեղեկացուցած է, որ ռուսական կողմը արդէն պատրաստած է Հայաստանին վերաբերող յստակ լուծում մը, որ պիտի առաջարկուի ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններուն։
«Այս տարի, եթէ օրակարգը հաստատուի, հարցը պիտի քննարկուի 10 Նոյեմբերին կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին։
Հայաստանին վերաբերող հարցը կապուած է անդամավճարները չտալու եւ երկու տարի ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն չմասնակցելու հետ»,- ըսած է Թաալաթպեք Մասատիքով։
Ան մանրամասնած է, որ Հայաստանի նկատմամբ կրնայ կիրարկուիլ ՀԱՊԿ կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածը, այսինքն՝ երկիրը կրնայ զրկուիլ մասնաբաժնային կարգով ՀԱՊԿ պաշտօններուն իր թեկնածուները առաջադրելու, ինչպէս նաեւ ձայնի իրաւունքէն այնքան ատեն, մինչեւ վճարէ անդամավճարներէն գոյացած պարտքը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանը 2024 թուականի Փետրուարէն սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն։