Հունգարիան Մինչեւ 2027-ի Աշուն Պիտի Հրաժարի Ռուսական Կազէն

հեղինակ՝
4 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Եւրոմիութիւնը Հունգարիայէն կը պահանջէ մինչեւ 2027-ի աշուն հրաժարիլ Ռուսաստանէն բնական կազի գնումներէն։ Այս մասին յայտնած է Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարար Անիթա Օրպանը։

«Եւրոպական Միութիւնը յստակ ժամկէտ սահմանած է ռուսական բնական կազէն հրաժարելու համար՝ 2027 թուականի աշուն»,- ըսած է ան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Հունգարիոյ կառավարութիւնը յոյս ունի՞ պահպանել ռուսական բնական կազի մատչելիութիւնը։

18 Սեպտեմբերին Հունգարիոյ տնտեսութեան եւ եռանդի նախարար Իշտուան Քափիթան յայնած էր, որ երկրի նոր կառավարութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ ռուսական կազի օգտագործումէն հրաժարելու մինչեւ 2027-ի Հոկտեմբեր։ Ան յայտնած էր, որ այդ նիւթով բանակցութիւններ կ՚ընթանան հարեւան երկիրներուն եւ այն ընկերութիւններուն հետ, որոնք շուկայ հեղուկացուած բնական կազ (ՀԲԿ) մատակարարողներ են։ Անոր խօսքով՝ անոր համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները առկայ են։

2025 թուականին Եւրոյանձնաժողովը մշակած եւ ԵՄ-ի խորհուրդի հաստատման ներկայացուցած է ռուսական կազի մատակարարումներու անժամկէտ արգելք, որ մասնակիօրէն ուժի մէջ մտած է 2026 թուականին։ 2027-ի սկիզբէն պիտի արգիլուի ռուսական ՀԲԿ-ի գնման որեւէ նոր պայմանագրի կնքում. այդ պայմանագրերով նախատեսուած վերջին մատակարարումները պէտք է կատարուին մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2027։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss