Սամուէլ Կարապետեան Ձերբակալուեցաւ

հեղինակ՝
4 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Գործարար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուեցաւ։

Այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Քննչական կոմիտէէն՝ ընդգծելով, որ անոր եւ եւս 35 անձի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում հարուցուած է ՀԷՑ-ին առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքային վնաս պատճառելու, վստահուած գոյքը յափշտակելու եւ դրամի լուացման գործով։

Ըստ Քննչական կոմիտէին՝ ընկերութեան պատճառուած ընդհանուր վնասը կը կազմէ աւելի քան 64 միլիառ 585 միլիոն դրամ։

Գործի ծիրէն ներս իրաւապահները այսօր միաժամանակեայ խուզարկութիւններ իրականացուցած են 65 բնակարաններու եւ ընկերութիւններու գործունէութեան հասցէներու մէջ։

Յիշեցնենք, որ Սամուէլ Կարապետեան տնային կալանքի տակ է մէկ այլ քրէական վարոյթի ծիրէն ներս։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ իշխանութիւնը զաւթելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու համար։ Կարապետեանին մէկ այլ գործով ալ մեղադրանք առաջադրուած էր դրամի լուացման յօդուածով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss