Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հաւանաբար Հըզպալլային ուղղուած ուղերձի մէջ զգուշացուցած է խմբաւորումը երկիրը նոր պատերազմի մէջ չներքաշել, եթէ Իրանի մէջ հակամարտութիւնը վերսկսի։ Այս մասին վարչապետը նշած է նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք, որուն ընթացքին պաշտօնեաները քննարկած են Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները։
«Տարածաշրջանին մէջ պատերազմի վերսկսման վտանգներու լոյսին տակ ես կրկին կը զգուշացնեմ Լիբանանը օտար շահերուն ծառայող եւս մէկ անօգուտ արկածախնդրութեան մէջ չներքաշել, ինչպէս նաեւ այնպիսի առճակատումներու մէջ չներգրաւել, որոնց հետեւանքները երկիրը չի կրնար իրեն թոյլ տալ», — ըսած է Սալամ։
Ան ընդգծած է, որ Լիբանանի ժողովուրդը, մասնաւորապէս երկրի հարաւի բնակիչները, արդէն իսկ մեծ գին վճարած են՝ տալով զոհեր, զրկուելով ապրուստի միջոցներէն եւ տուներէն։
«Լիբանանի պաշտպանութիւնը ազգային պատասխանատուութիւն է, որ կը պահանջէ անոր գերակայ շահերը դնել ամէն բանէ վեր եւ ապահովել, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան վերաբերեալ որոշումները մնան բացառապէս պետութեան եւ անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն ձեռքը։ Մենք պիտի չընդունինք, որ Լիբանանի ժողովուրդին կողմէ չընտրուած ճակատագիր պարտադրուի անոնց, ոչ ալ որ անոնց հայրենիքը կրկին վերածուի ուրիշներու հակամարտութիւններու թատերաբեմի»,- աւելցուցած է վարչապետը։
Սալամ շեշտած է Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը, ժողովուրդը պաշտպանելու եւ ամէն ջանք գործադրելու անհրաժեշտութիւնը՝ նոր պատերազմը կանխելու համար։
Վերջին օրերուն աւելի յաճախ կը շրջանառուին ենթադրութիւններ այն մասին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւններէն եւ Իսրայէլի ընդհանուր ընտրութիւններէն ետք հնարաւոր են Իրանի ուղղութեամբ ամերիկեան-իսրայէլեան նոր հարուածներ։