Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է սփիւռքի գործերու յանձնակատարները, որոնք Երեւան կը գտնուին Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով։
Վարչապետ Փաշինեան ողջունած է ներկաները եւ նշած. «Մենք իրարու հետ, ըստ էութեան, վերջին տարիներուն նոր հաստատութիւն եւ նոր համակարգ կը ներդնենք, եւ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ներգրաւուածութեան համար։ Մենք պէտք է մեր համագործակցութեան առանցքին մէջ դնենք Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացումը, Հայաստանի պետական հաստատութիւններուն, ընդհանրապէս՝ պետականութեան, տնտեսութեան զարգացումը, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է դառնայ հայութեան կեանքի կեդրոնը։ Պիտի արձանագրեմ, որ, ըստ էութեան, զուգահեռ այդ գործընթացը տեղի կ՚ունենայ, որովհետեւ կը տեսնենք, որ Սփիւռքի աւելի ու աւելի շատ ներկայացուցիչներ աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունին Հայաստանի մէջ տնտեսութեան, կրթութեան զարգացման գործին մէջ, եւ այդ ոլորտին մէջ մենք ունինք հանրայայտ, նոյնիսկ՝ աշխարհահռչակ նախագիծեր։ Բայց կարեւոր է նաեւ, որ մենք մեր ուղերձը հասցնենք հայութեան բոլոր շերտերուն, բոլոր քաղաքացիներուն»։ Վարչապետը ընդգծած է, որ այս գործին մէջ չափազանց կարեւոր է Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի հաստատութեան դերակատարութիւնը՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի ղեկավարութեան ներքոյ։
Նիկոլ Փաշինեան խօսած է նաեւ նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մասին եւ ընդգծած, որ հոն անդրադարձ կայ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն. «Կ՚ուզեմ եւս մէկ նրբութեան վրայ հրաւիրել ձեր ուշադրութիւնը, որովհետեւ, գիտէք, ըստ ամենայնի, մենք նոր Սահմանադրութեան բնագրին վրայ կ՚աշխատինք եւ նախագիծը, որ պիտի ենթարկուի հետագայ մշակումներու, Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին պիտի հրապարակուի։ Հոն շատ կարեւոր անդրադարձ ունինք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ այդ յարաբերութիւններու նպատակին։ Ի հարկէ, այդ յարաբերութիւնները միաշերտ չեն, բայց մենք կարեւոր համարեցինք, որպէսզի այդ կարգով՝ նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ յստակ ձեւակերպուին, թէ որն է ի վերջոյ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերջնանպատակը, որովհետեւ կրնան ըլլալ ընթացիկ նպատակներ, բայց պէտք է ըլլայ նաեւ վերջնանպատակ։ Եւ մենք եկած ենք այն եզրակացութեան, որ վերջնանպատակը, ի վերջոյ, հայրենադարձութիւնն է, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքի եւ կենսագործունէութեան կեդրոնը համարեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Մեզի համար կարեւոր է, որ հայութեան ներկայացուցիչները իրենք զիրենք նոյնացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ որպէս իրենց ինքնութեան շատ կարեւոր եւ անբաժանելի մաս, որ, ի հարկէ, պիտի արտայայտուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ որոշակի գործունէութիւն ծաւալելով»։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, այդ կարգով՝ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ յանձնակատարներու արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան խթանման, Հայաստան-Սփիւռք համակարգային եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր։