Մեր Պետութիւնը Մեր Ինքնութիւնն Է. Նիկոլ Փաշինեան Ներկայացուցած Է «Իրական Հայաստանի» Հայեցակարգը

հեղինակ՝
6 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի (Global Armenian Summit) ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է բանախօսութեամբ՝ անդրադառնալով «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութեան, պետութեան եւ հայրենիքի նոյնականացման ու Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն։

«Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութիւնը պետութեան մասին է։ Չկայ պետութենէն աւելի կարեւոր բան, եւ մեր բոլոր պատկերացումները պէտք է կապուած ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր շահերուն եւ անոր յարատեւութեան տեսլականին հետ։

Մեր պետութիւնը մեր ինքնութիւնն է, եւ հակառակը՝ մեր ինքնութիւնը մեր պետութիւնն է»,- նշած է վարչապետը։

Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ այն քննադատութիւններուն, թէ հաստատուած տարածքով առաջնորդուիլը կը սահմանափակէ համազգային իղձերն ու երազանքները, գործադիրի ղեկավարը շեշտած է, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները առաջին հերթին երկրի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքն են։

«Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը կը յենի Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին վրայ՝ 29.743 քառակուսի քիլոմեթր։

Խնդիրը սահմանին եւ սահմանափակման մէջ է, եւ լաւ է, որ սահմանը մեզ կը սահմանափակէ տարածուիլ դէպի արեւելք կամ դէպի արեւմուտք։

Եւ իմաստն այն է, որ սահմանը ինչքան մեզ կ՚արգելափակէ տարածուիլ դէպի արեւմուտք, այնքան ալ ուրիշները կը սահմանափակէ արեւմուտքէն տարածուիլ դէպի արեւելք

Եւ սա՛ է Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան յաջորդ կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը, եւ մենք կ՚առաջնորդուինք այս տրամաբանութեամբ»,- ընդգծած է Փաշինեան։

Ելոյթի աւարտին վարչապետը նշած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սփիւռքին կրնայ առաջարկել միայն մէկ բան՝ ինքն իրեն՝ որպէս հայրենիք, որ պետութիւն է։ Եւ այդ հայրենիքը Սփիւռքին կ՚առաջարկէ սէր, բայց նաեւ յարգանք, յարգանք՝ բայց նաեւ սէր»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss