Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, 2027 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, ներկայացնելով մշակոյթի ոլորտի հիմնական ձեռքբերումներն ու առաջնահերթութիւնները, ընդգծած է, որ շուրջ 30 տարուայ ընդմիջումէ յետոյ Հայաստանը վերսկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ նոր յուշարձաններու ընդգրկման գործընթացը։
Մինչեւ 2031 թուական նախատեսուած է Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկել եւս 5 յուշարձան կամ յուշարձանախումբ։
«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկերուն մէջ ընդգրկումը ոչ միայն միջազգային ճանաչելիութեան, այլեւ կառավարման որակի բարձրացման հնարաւորութիւն է, քանի որ կարեւոր պայմաններէն է նաեւ յուշարձաններու պատշաճ կառավարման համակարգի առկայութիւնը»,- ընդգծած է Ժաննա Անդրէասեան։
Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին պատմական Արտաշատ մայրաքաղաքի եւ Սիւնիքի մարզի ժայռափոր բնակավայրերու յայտերու մշակման ուղղութեամբ։ Նախատեսուած է առաջադրել նաեւ հայկական ամրոցներէն մէկը: Կը շարունակուին նաեւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման աշխատանքները։
Նախարարին տեղեկացումով՝ յառաջիկայ տարիներուն նախատեսուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համապատասխան ցանկերուն մէջ ընդգրկման ներկայացնել եւս երկու տարր։
Անդրադառնալով արդէն արձանագրուած արդիւնքներուն՝ Ժաննա Անդրէասեան առանձնացուցած է «Արենի-1 քարայր. նախնադարեան կեանքը եւ գինեգործութիւնը Արփա գետի կիրճին մէջ» յայտը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ համատեղ ներկայացուած՝ անձրեւի եւ ջուրի հետ կապուած աւանդութիւններուն վերաբերող յայտը, որ հնարաւորութիւն կու տայ միջազգային հարթակի վրայ հանրահռչակելու նաեւ Վարդավառի հայկական աւանդութիւնը։
Նշենք, որ խօսքը նախնական ցանկի, այլ ոչ թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկի մասին է։ 1995 թուականէն իվեր, նախնական ցանկին մէջ հայկական յուշարձաններու նոր յայտեր չէին աւելցուած։ Գործընթացը վերսկսած է 2024 թուականին «Տիրինկատարի վիշապաքարերը եւ մշակութային լանդշաֆտը» յայտի ընդգրկումով։