Պապոյեան. Հայաստան Շատ Բան Կու Տայ ԵԱՏՄ-ին

հեղինակ՝
6 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Հայաստանը շատ բան կու տայ ԵԱՏՄ-ին եւ պէտք է նաեւ ստանայ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՏՄ-ի նկատմամբ իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարած է եւ կը կատարէ։ Հայաստան ալ կ՚ակնկալէ, որ ԵԱՏՄ բոլոր երկիրները պիտի կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները ամբողջ ծաւալով»,- ըսած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ 2027 թ. պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկումներու ժամանակ։

Անոր խօսքով՝ ստեղծուած իրավիճակը տնտեսական վէճ է, եւ Հայաստանի նկատմամբ կատարուած սահմանափակումները անհիմն են։

«Եւ այդ է պատճառը, որ արգելք ճանչնալու նախաձեռնութեամբ դիմած ենք ԵԱՏՄ յանձնաժողով եւ կ՚ակնկալենք, որ արդար որոշում պիտի կայացուի»,- ընդգծած է նախարարը։

Ան անդրադարձած է նաեւ կազի սակագինին՝ շեշտելով, որ ՀՀ-ի համար այն ամենեւին ալ աժան չէ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss