«Եթէ Հայաստանը դուրս գայ Եւրասիական տնտեսական միութենէն, եւ այլ ազդեցութեան գործօններ չըլլան, երկրի տնտեսական աճը կրնայ նուազիլ 0.65 տոկոսային կէտով»։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։
«Այսինքն՝ եթէ տնտեսութիւնը պէտք է աճէր 6,5 տոկոսով, պիտի աճի 6 տոկոսով»,- ըսած է նախարարը։
Ան նշած է, որ պիտի ըլլան ե՛ւ բացասական, ե՛ւ դրական գործօններ. այն բարդ գործընթաց մըն է։
Վերջինս կրկին յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի տնտեսական աճը կազմած է 7,2 տոկոս, իսկ, օրինակ, 2016 թուականին՝ 0,2։
«Այդ 0,2-ին պատասխանը մենք արդէն տուած ենք։ Իսկ ինչո՞ւ այն ժամանակ 7,2 տոկոսով չէր աճեր։ Անցեալ տարի աշխարհի տնտեսութիւնը զարգացած է մօտ 3 տոկոս, մենք՝ 7.2, այսինքն՝ մենք աւելի քան 2 անգամ աշխարհէն աւելի զարգացած ենք։
2016 թուականին աշխարհի միջին տնտեսական աճը եղած է 2,8 տոկոս, ՀՀ-ինը՝ 0,2, այսինքն՝ աշխարհէն 14 անգամ պակաս։
Այդ 0,2-ի հաշիւը մեր ժողովուրդը արդէն փակած է։ Եթէ քու տնտեսական աճդ աշխարհէն 14 անգամ ցած է, անոր հաշիւը պէտք է փակուէր։ Այդպիսի հաշիւ ՀՀ-ն ալ չի կրնար փակել, քանի որ աշխարհէն 2 անգամ առաջ է։ Լուծումը տնտեսութիւնն է։ Երէկ ինչո՞ւ կ՚ըսէի, որ խաչքարային դիւանագիտութեան վերջ պէտք է տրուի, որ ամէն մէկ դեսպան 2030 թուականին ամէն մէկ երկրի մէջ իր արդիւնաւէտութիւնը չչափէ տարին մէկ հատ աւելի բարձր խաչքար տեղադրելով, այլ չափէ տարին 10 թոն աւելի հայկական արտադրութեան արտադրանքի արտահանումով, անոր հաշիւն ալ մեր ժողովուրդը չէր փակեր»,- ըսած է Պապոյեան։