Սինանեան. Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւնները Պէտք Է Հիմնուին Փոխադարձ Վստահութեան եւ Գործնական Համագործակցութեան Վրայ

հեղինակ՝
6 Նոյեմբերի 2026
17 ր. ընթերցում

Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս մեկնարկած է Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովը, որուն նպատակն է քննարկել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկան ու ապագան, Հայաստանի զարգացման առաջնահերթութիւնները եւ համատեղ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Գագաթաժողովի բացման արտասանած ելոյթին մէջ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին ոչ միայն ընդհանուր պատմութեան եւ ազգային ինքնութեան, այլեւ ընդհանուր նպատակներու, փոխադարձ վստահութեան եւ գործնական համագործակցութեան հիման վրայ։

«Մենք հաւաքուած ենք Հայաստանի մէջ աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկան եւ ապագան, կիսուելու ներկայի մեր գնահատականներով եւ ծրագրելու ապագայի համատեղ անելիքները։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ամէնօրեայ աշխատանքի, հայկական համայնքներ կատարած այցելութիւններու եւ մեր հայրենակիցներուն հետ անմիջական շփումներու ընթացքին մենք շարունակաբար կը համոզուինք, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին ոչ միայն ընդհանուր պատմութեան եւ ազգային ինքնութեան, այլեւ իրականութեան, ընդհանուր նպատակներու, փոխադարձ վստահութեան եւ գործնական համագործակցութեան հիման վրայ», ըսաւ Սինանեան։

Անոր խօսքով՝ Սփիւռքը բազմազան է, եւ աշխարհասփիւռ հայերը ունին տարբեր փորձառութիւններ, պատկերացումներ, երբեմն նաեւ էապէս տարբերուող ընկալումներ ու մօտեցումներ։ Սակայն նպատակը բոլոր հարցերուն մէջ համակարծիք ըլլալը չէ, այլ այդ բազմազանութիւնը կառուցողական երկխօսութեան եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան վերածելը։

«Մեր մօտեցումը հետեւեալն է՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առանցքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է՝ իր ինքնիշխանութեամբ, պետականութեամբ, ժողովրդավարական հաստատութիւններով եւ առաջնահերթութիւններով։ Մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք համախմբուիլ ինքնիշխան, խաղաղ եւ բարեկեցիկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառուցման եւ պահպանման, ինչպէս նաեւ համայնքներու ամրապնդման նպատակին շուրջ»,- ընդգծեց գլխաւոր յանձնակատարը։

Զարեհ Սինանեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ փոխադարձութեան կարեւորութեան՝ նշելով, որ տարիներ շարունակ այդ յարաբերութիւններուն մասին խօսելիս հիմնականում ուշադրութիւն դարձուած է այն հարցին, թէ ի՞նչ կրնայ Սփիւռքը տալ Հայաստանին։ Մինչդեռ, անոր համոզմամբ, նոյնքան կարեւոր է նաեւ հակառակ հարցը՝ ի՞նչ կրնայ Հայաստանը առաջարկել աշխարհասփիւռ հայութեան։

«Մենք կը փափաքինք, որ մեր հայրենակիցները Հայաստանը դիտարկեն ոչ միայն որպէս իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան պահպանման վայր, այլեւ որպէս երկիր, ուր հնարաւոր է արժանավայել ապրիլ, աշխատիլ, կրթութիւն ստանալ, ստեղծագործել, ներդրումներ կատարել եւ կառուցել սեփական ապագան։ Մենք կ՚ուզենք, որ յատկապէս Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար Հայաստանը դառնայ իրենց տունը եւ սեփական ապագան կերտելու իրական հնարաւորութիւն։

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ամէնօրեայ աշխատանքը ուղղուած է Հայաստանի կայուն եւ անվտանգ զարգացման։ Մեր նպատակն է կերտել այնպիսի պետութիւն, այնպիսի Հայաստան, ուրկէ ոչ միայն տեղաբնակները պիտի չուզեն հեռանալ, այլեւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները պիտի ուզեն ապրիլ»,- ըսաւ ան։

Սինանեանի խօսքով՝ իրականացուող բարեփոխումները արդէն իսկ կու տան իրենց արդիւնքները, որոնց մասին կը վկայեն ոչ միայն թիւերն ու ցուցանիշները, այլեւ քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծեց, որ այդ նպատակին հասնելու ճամբան երկար եւ դժուար է, եւ ան յաղթահարելու գործին մէջ Սփիւռքը ունի իր իւրայատուկ դերը։

«Իսկ ինչպէ՞ս պիտի անցնինք միասնաբար այդ ճամբան, ի՞նչ դեր նախատեսուած է իւրաքանչիւրիս համար։ Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը այս հարցերուն պատասխաններ տալուն միտուած երկխօսութեան եւ համագործակցութեան կարեւոր հարթակ է։

Յառաջիկայ օրերուն մենք միասին պիտի քննարկենք Հայաստանի զարգացման առաջնահերթութիւնները, տարածաշրջանային զարգացումները, տնտեսութիւնը, նորարարութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը, գիտութիւնը եւ բազմաթիւ այլ նիւթեր, որոնց մէջ Սփիւռքի գիտելիքները, փորձն ու ներուժը կրնան կարեւոր դեր ունենալ»,- նշեց գլխաւոր յանձնակատարը։

Ան առանձնայատուկ ընդգծեց, որ գագաթաժողովի նպատակը միայն քննարկումներու կազմակերպումը չէ։ Ըստ Սինանեանի՝ միջոցառման յաջողութիւնը պէտք չէ չափել մասնակիցներու թիւով, անցուցուած միջոցառումներով կամ ելոյթներով։ Առաւել կարեւոր է, թէ ինչ արդիւնքներ պիտի արձանագրուին հանդիպումներէն ետք։

«Մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, թէ ի՞նչ պիտի պատահի այդ հանդիպումներէն ետք, ո՞ր գաղափարները պիտի վերածուին նախաձեռնութիւններու, ի՞նչ նոր գործընկերութիւններ պիտի ձեւաւորուին եւ ի՞նչ գործնական արդիւնքներ պիտի տան անոնք։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդումը անշուշտ չի կրնար սահմանափակուիլ մէկ միջոցառման շրջանակներով եւ անցուցուած քննարկումներով։ Ան կը պահանջէ ամենօրեայ, հետեւողական եւ երկարաժամկէտ աշխատանք»,- ըսաւ ան։

Եզրափակելով ելոյթը՝ Զարեհ Սինանեան գագաթաժողովի մասնակիցներուն կոչ ըրաւ աշխուժօրէն ներգրաւուելու քննարկումներուն, բարձրաձայնելու իրենց յուզող հարցերը, կիսուելու փորձով եւ ներկայացնելու առաջարկներ։

«Մենք բաց ենք անկեղծ երկխօսութեան համար եւ համոզուած ենք, որ ան պէտք է վերածուի յստակ քայլերու եւ համատեղ աշխատանքի։ Կը մաղթեմ մեզի բոլորիս արդիւնաւէտ աշխատանք, բովանդակալից քննարկումներ եւ, ամենակարեւորը, գործնական արդիւնքներ»,- ըսաւ ան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss