Մինչեւ Մարտ Կազը Պիտի Չսղի․ ՀԾԿՅ Նախագահ

հեղինակ՝
6 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

ՀԾԿՅ նախագահ Մեսրոպ Մեսրոպեան յայտնած է, որ սահմանին կազի գինի հնարաւոր բարձրացումը սպառողներուն համար սակագինի անյապաղ փոփոխութիւն չ’ենթադրեր։

«Այս պահուն, առնուազն, այս տարուան գործող սակագիներուն մասով, եթէ անյաղթահարելի ուժ կամ քաղաքական բնոյթի արտակարգ իրավիճակներ չըլլան, մինչեւ Մարտ ամիս կազի սղութիւն պիտի չունենանք»,- ըսած է ան։

Մեսրոպեան նշած է՝ սակագիները կը վերանայուին վեց ամիսը մէկ՝ կարգաւորուող ընկերութեան կամ ՀԾԿՅ-ի նախաձեռնութեամբ։

«Եթէ նոյնիսկ այսօր մեր գործընկերները դիմեն՝ «Գազպրոմի» կազի գինը բարձրացնելու առաջարկով, ան պիտի վերաբերի սակագիներու յաջորդ՝ վեցամսեայ վերանայման։ Այսինքն՝ ձմեռնային ժամանակահատուածը արդէն դուրս պիտի գայ այդ վերանայման շրջանակէն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss