Մարթա Քոս. Հայերը Եւս Մէկ Քայլով Մօտեցած Են Առանց Վիզայի Եւրոմիութիւն Ճամբորդելուն

հեղինակ՝
5 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Եւրոմիութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս յայտնած է, որ Հայաստանի քաղաքացիները առանց վիզայի Եւրոմիութիւն մեկնելու հնարաւորութեան եւս մէկ քայլով մօտեցած են։

Մարթա Քոս այդ մասին գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։

Հայերը մէկ քայլով աւելի մօտեցած են դէպի Եւրամիութիւն առանց վիզայի ճամբորդելուն։ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան ստանալ նոր կենսաչափական անձնագրեր, ինչ որ պիտի նպաստէ սահմանային ստուգումներու արագացման եւ ճամբորդութիւններու դիւրացման։ Հայաստան կ՚ընտրէ Եւրոպայի հետ աւելի սերտ կապերու ուղին, եւ մենք այդ ընտրութիւնը կեանքի կը կոչենք՝ ի շահ Հայաստանի քաղաքացիներուն»,– գրած է Քոս։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 1-էն գործարկուած է կենսաչափական անձնագրերու տրամադրման համակարգը։ Կենսաչափական համակարգի ներդրումը Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոմիութեան վիզաներու ազատականացման կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է։ Հայաստան այս պահուն միակ երկիրն է, որ Եւրոմիութեան հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մէջ է։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss