Էյֆելի Աշտարակը Փակ Է Ֆրանսայի Մէջ Համազգային Գործադուլներու Պատճառով

հեղինակ՝
5 Նոյեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

Ֆրանսայի մէջ կենսապահովման ծախսերու աւելացման եւ հանրային ծառայութիւններու ու կրթութեան վատ որակին դէմ կազմակերպուած ցոյցերու եւ համազգային գործադուլներու պատճառով Էյֆելի աշտարակը փակուեցաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ France 24-ը։

Ուսանողները շրջափակած են Ֆրանսայի տասնեակ երկրորդական դպրոցներ եւ համալսարաններ՝ կրթութեան բարեփոխումներու վերաբերեալ կառավարութեան վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով։ Երկրորդական դպրոցներու աշակերտներու ցոյցերը սկիզբ դրած են երկրին մէջ աւելի լայն շարժման։

Ցոյցերու մեկնարկէն առաջ որոշ վայրերու մէջ աղբամաններ հրկիզուած են։

Ֆրանսայի Կրթութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ 5 Նոյեմբերին պետական նախակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու 17,5%-ը գործադուլ պիտի ընէ։

«Մենք կը փորձենք հնարաւորինս շատ մարդիկ ներգրաւել պայքարին մէջ։ Ոմանք չեն միանար, քանի որ կը վախնան։ Շատերը կը վախնան ոստիկաններու բռնութենէն», -ըսած է Փարիզի մէջ սորվող 19-ամեայ ուսանողուհի մը։

Ֆրանսայի կառավարութիւնը պաշտպանած է ոստիկանութեան գործելաոճը՝ միաժամանակ նշելով, որ որեւէ չարաշահում պիտի հետաքննուի։

Associated Presss-ի փոխանցմամբ՝ ֆրանսական սենտիքաները կը միաւորեն ուժերը համազգային գործադուլներու եւ ցոյցերու համար՝ աշխատավարձերու բարձրացման եւ երկրորդական դպրոցներու աշակերտներու բողոքի շարժման աջակցութեան նպատակով։ Սենտիքաները յայտարարած են, որ ամբողջ երկրին մէջ տեղի պիտի ունենայ մօտ 260 հանրահաւաք։

Անոնք նախազգուշացուցած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կառավարութիւնը եւ գործատուները. «Զայրոյթը հսկայական է։ Իրավիճակը երկրին մէջ փխրուն է։ Ընկերային եւ բնապահպանական հրատապ մարտահրաւէրները պէտք է լուծուին առանց յապաղումի»։

Ֆրանսայի ներքին գործերու նախարար Լորան Նունիէզ յայտնած է, որ տեղակայուած է 70.000 ոստիկան՝ զրահամեքենաներու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ ուղղաթիռներու աջակցութեամբ։

Կը սպասուի, որ Փարիզէն դուրս գործադուլներուն պիտի միանայ 500.000-700.000, իսկ մայրաքաղաքին մէջ՝ 40.000-80.000 մարդ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss