Բացման յանդիսաւոր արարողութեամբ մեկնարկ տրուեցաւ Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովին, որուն առանցքային նպատակը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն է։ Գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած են աշխարհի շուրջ 55 երկիրներու հայկական համայնքներու մօտ 800 ներկայացուցիչներ։
Բացման ելոյթին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան առանձնայատուկ նշեց, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններու մասին խօսելու ատեն անպայման պէտք է ընդգծել իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը։
«Իրական Հայաստանը մեր պետութիւնն է՝ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքով եւ սահմաններով, քաղաքացիներով, պետական հաստատութիւններով, ժողովրդավարական համակարգով եւ զարգացման ձգտումով։ Յառաջ տանիլ իրական Հայաստանի հայեցակարգը չի նշանակեր հրաժարիլ մեր պատմութենէն, ազգային ինքնութենէն, մշակոյթէն կամ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ կապերէն։ Ընդհակառակը՝ կը նշանակէ մեր հարուստ ժառանգութիւնը դարձնել ամուր պետականութեան եւ ժամանակակից զարգացման յենարան։



Մենք ունինք հազարամեակներու պատմութիւն եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ նշանակալի ներդրում։ Ունինք Սփիւռք, որ տարբեր երկիրներու մէջ պահպանած է իր ինքնութիւնը՝ միաժամանակ մեծ յաջողութիւններու հասնելով գիտութեան, արհեստագիտութեան, գործարարութեան, մշակոյթի եւ հանրային կեանքի ոլորտներուն մէջ։ Ասիկա մեր հարստութիւնն է, սակայն մեր առջեւ դրուած խնդիրը այդ հարստութիւնը ապագայի վերածելն է, եւ Հայաստան ուղղելը։
Մենք չենք ուզեր Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները սահմանափակել միայն հայրենասիրական զգացումներով, պատմական յիշողութեամբ կամ բարեգործութեամբ։ Անոնք կարեւոր են, բայց մեր գործակցութիւնը պէտք է աւելի ընդգրկուն ըլլայ։ Մենք կ՚ուզենք տեսնել սփիւռքահայ մասնագէտներու ներդրումը Հայաստանի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ։ Եթէ այդ ներդրումը ըլլայ հայրենադարձութեան տեսքով, մենք՝ Հայաստանի մէջ ապրող հայերս, չափազանց երջանիկ պիտի ըլլանք»,- ըսաւ Ռուբէն Ռուբինեան։
Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ աւելցուց, որ այս գագաթաժողովը պէտք չէ սահմանափակուի լաւ քննարկումներով եւ գեղեցիկ ձեւակերպումներով, այն պէտք է դառնայ յստակ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու եւ գործակցութեան նոր ծրագրերու մեկնարկային հարթակ։
Սփիւռքի գործերու հանձնակատար Զարէհ Սինանեան ընդգծեց, որ Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու համար կարեւոր հարթակ է։
«Սփիւռքը բազմազան է՝ իր պատմութեամբ, փորձառութիւններով, ձեռքբերումներով, պատկերացումներով եւ մօտեցումներով։ Այս բազմազանութեան մէջ է Սփիւռքի մեծ ներուժը։ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներուժը ոչ թէ բոլոր հարցերու շուրջ միակարծիք ըլլալու, այլ զիրար լսելու, տարբեր տեսակէտերը յարգելու եւ ընդհանուր նպատակներու շուրջ համախմբուելու կարողութեան մէջ է։ Այդ ընդհանուր նպատակներու կեդրոնը ինքնիշխան, ժողովրդավար, խաղաղ եւ բարեկեցիկ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է»,- նշեց Զարէհ Սինանեան։
Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթնաժողովի աշխատանքային քննարկումները պիտի մեկնարկեն 6 Նոյեմբերին։ Գագաթաժողովը պիտի աւարտի 8 Նոյեմբերին։