Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

հեղինակ՝
6 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը պաշտօնական ընդունելութիւն կազմակերպեց՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին։ Միջոցառման ներկայ էին Լիբանանի իշխանութիւններու եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական անդամներ, լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Հայաստանի բարեկամներ։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան անկախութիւնը բնորոշեց որպէս սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ժառանգութիւն, ինչպէս նաեւ որպէս պատասխանատուութիւն՝ կառուցելու հզօր, անվտանգ եւ բարգաւաճ Հայաստան։ Ան ընդգծեց, որ արդար, արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներու համար հնարաւորութիւններ ստեղծելու գործին մէջ։

Դեսպանը յարգանքի տուրք մատուցեց լիբանանահայերու այն սերունդներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Լիբանանի հասարակական կեանքին, տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ՝ միաժամանակ պահպանելով սերտ կապեր Հայաստանի հետ։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի համերաշխութիւնը Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը Լիբանանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու միասնութեան։ Ան նաեւ կարեւորեց երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները։

Երեկոյի մշակութային ծրագրի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցան մանկական երգչախումբը, որ կատարեց Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները, ինչպէս նաեւ «Նայիրեան» վոքալ համոյթը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss