Սիմոնեան. Մենք Մեր Երեխաներուն Պէտք Է Ժառանգութիւն Թողենք Խաղաղութիւն, Ոչ Թէ Վրէժ

հեղինակ՝
7 Նոյեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

Հայաստանի երեխաներուն խաղաղութիւն, այլ ոչ թէ վրէժ ժառանգութիւն թողելու եւ պատերազմելու առիթներ թոյլ չտալու անհրաժեշտութիւնը երկրի անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիքներէն է։ Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովի ընթացքին այդ մասին յայտնած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Հայաստան կը ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ փոխարէնը կեդրոնանալով սեփական հզօրացման վրայ։

Սիմոնեանի խօսքով՝ Հայաստանի համար անհրաժեշտ է ուժեղ բանակ, որ երկրի վրայ որեւէ յարձակում հակառակորդի համար պիտի դարձնէ ծայրայեղ ցաւոտ։

«Ես կը կարծեմ՝ մենք պէտք է ունենանք այնպիսի բանակ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումը այնքան ցաւոտ ըլլայ, որ հակառակորդը նոյնիսկ անոր դիմելու կարիք չունենայ։ Բայց եթէ աւելի խոր նայինք, կը կարծեմ՝ պէտք է այնպէս ընել, որ իրարու դէմ պատերազմելու առիթ ընդհանրապէս չըլլայ։ Իսկ ինչո՞ւ մենք պէտք է թուրքերու հետ պատերազմինք։ Եթէ անոնք ուզեն մեր վրայ յարձակիլ, մենք պիտի չհասցնենք հզօրանալ։ Այն խաբկանքը, որով մեզ 70 տարի կերակրած են, թէ պէտք է Ռուսաստանի պոչը բռնենք, այլապէս թուրքը մեզ պիտի ուտէ, իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի»,- ըսած է Սիմոնեան։

Սիմոնեան անդրադարձած է նաեւ TRIPP նախագիծի նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ խաղաղութեան կարեւոր արտայայտութիւններէն մէկը առեւտուրն ու համատեղ շահերու ձեւաւորումն է։

«Խաղաղութեան հիմնական արտայայտութիւններէն մէկը առեւտուրն է եւ համատեղ շահեր ունենալը։ TRIPP-ը խաղաղութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկն էր։ Ան ունի նաեւ իր անվտանգային նշանակութիւնը։ TRIPP-ը հայ-ամերիկեան տնտեսական նախագիծ է։ Այսօր, երբ փաստացի պատերազմ է ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ, նախագիծը պիտի անցնի Իրանի սահմանէն մօտ 15 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ես կ՚ուզեմ անոր դերն ու նշանակութիւնը դիտարկել ոչ միայն մեր տեսանկիւնէն, այլեւ համաշխարհային՝ ԱՄՆ-ի, Իրանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ծիրին մէջ։ TRIPP-ի դերին եւ նշանակութեան թերագնահատումը որեւէ լաւ բանի պիտի չյանգեցնէ։ Սա տնտեսական, դիւանագիտական նախագիծ է, խաղաղութեան գործիք։ Ան նաեւ տնտեսական առումով երաշխիք է»,- եզրափակած է Ալէն Սիմոնեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss