ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալաս մեկնաբանած է Ուաշինկթընէն հնչող յայտարարութիւնները, թէ ռուս-ուքրանական կարգաւորման ծիրին մէջ կը դիտարկուին Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները եւ աւելի լայն եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը։
Եւրոպական կողմը կը շեշտէ՝ եթէ հակամարտութեան կարգաւորման համաձայնագիր կնքուի, անոր շրջանակին մէջ եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը չի կրնար վերանայուիլ։ Նաեւ այդ փաստաթուղթով պէտք է երաշխաւորուի, որ Ռուսաստանը պիտի չվերազինուի եւ կրկին պիտի չյարձակի։
«Մենք արդէն ունինք անվտանգութեան համակարգ։ Խնդիրը այն է, որ Ռուսաստանը մշտապէս կը խախտէ այն պայմանագրերը, որոնց վրայ հիմնուած է այդ ճարտարապետութիւնը։ ՆԱԹՕ-ն 2021 թուականին սպառնալիք չէր ներկայացներ Ռուսաստանի համար եւ այսօր ալ սպառնալիք չէ»,– ընդգծած է Քալաս։
Անոր ձեւակերպումով՝ Վլատիմիր Փութին եւրոպական անվտանգութեան հետ կապուած հարցերուն մէջ վեթոյի իրաւունք չունի։ Իսկ Ուքրանիան պէտք է լիովին համարկուի եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութեան։
Քալաս նաեւ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ հարցով տարուող բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցի նաեւ Եւրոմիութիւնը։