Համաշխարհային Հայկական 3-րդ Գագաթաժողովի վերջին օրը մեկնարկած է «ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ․ ծրագրեր, համագործակցութեան հնարաւորութիւններ եւ հայրենադարձութեան աջակցութիւն» խորագրով քննարկումով։
Քննարկման ընթացքին ներկայացուած են Գրասենեակի հիմնական ծրագրերն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Սփիւռքի մասնագիտական եւ մարդկային ներուժի ներգրաւման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան խթանման ու հայրենադարձներու ներգրաւման։
Անդրադարձ կատարուած է համագործակցութեան առկայ եւ նոր հնարաւորութիւններուն, պետական կառոյցներու ու Սփիւռքի ներկայացուցիչներու միջեւ կապերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան գործընթացին մէջ յառաջացող հարցերուն եւ անոնց լուծման ուղղուած աջակցութեան մեքենականութիւններուն։
Քննարկումը հնարաւորութիւն տուած է մասնակիցներուն ծանօթանալու Գրասենեակի գործունէութեան ու ծրագրերուն, բարձրաձայնելու իրենց հարցերն ու առաջարկները եւ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման նոր ուղիները։
Քննարկման բանախօսներն էին ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, «իԳործ» ծրագրի մասնակից Գայիանէ Պայաթեանը, Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Վահագն Մովսէսեանը եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի ծրագրերու տնօրէն Գէորգ Պօղոսեանը։