Հայաստան Երաշխաւորած Է, Որ Հաղորդակցութեան Նախագիծերուն Մէջ Ամերիկացի Զինուորականներ Պիտի Չտեղակայուին

հեղինակ՝
9 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Էսմայիլ Պաղայի յայտnած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Թեհրանին հաւաստիացուցած են՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու նախագիծերու իրականացման ընթացքին սահմաններու փոփոխութիւն պիտի չըլլայ, իսկ տարածքին մէջ ամերիկացի զինուորականներ պիտի չտեղակայուին։

Պաղայի նշած է, որ Իրան բազմիցս ողջունած է տարածաշրջանային փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, սակայն զայն պայմանաւորած է միջազգային սահմաններու եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակի անփոփոխութեամբ։

Անոր խօսքով՝ Թեհրան իր մտահոգութիւնները փոխանցած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, ընդգծելով որ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող ուժերու, յատկապէս ԱՄՆ-ի միջամտութիւնն ու ներկայութիւնը պատմականօրէն յանգած են անկայունութեան։

«Հայկական կողմը հաւաստիացուցած է, որ սահմանային որեւէ փոփոխութիւն պիտի չըլլայ, նախագիծերը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուին հայկական ընկերութիւններու կողմէ, եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկացի զինուորականներ պիտի չտեղակայուին»,- ըսած է Պաղայի։

Ան աւելցուցած է, որ այդ երաշխիքներուն եւ երկու երկիրներու բարիդրացիական յարաբերութիւններուն չնայած՝ Իրան կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի հանդէս գայ իր ազգային շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss