Իրանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզայի յայտնած է, որ իրենց դէմ պատերազմը արդէն իսկ լուրջ վնաս հասցուցած է ԱՄՆ կառավարութեան։
«Իրանի դէմ պատերազմը արդէն իսկ կործանած է ԱՄՆ կառավարութիւնը։ Սակայն Ուաշինկթըն կը շարունակէ յուսահատ պայքար մղել՝ խաղամոլի նման, որ կը կորսնցնէ ամէն ինչ։ Ժամանակն է դադրեցնել այս խաղը»,- յայտնած է Ռեզայի։
Ան նաեւ մեղադրած է ԱՄՆ-ը գոյութիւն չունեցող բանակցութիւններու մասին կեղծ տեղեկութիւններ տարածելու եւ Արեւմտեան Ասիոյ մէջ ձեւաւորուող նոր աշխարհակարգը չընդունելու մէջ։
«Դադրեցուցէ՛ք գոյութիւն չունեցող բանակցութիւններու մասին կեղծ լուրեր տարածել։ Դադրեցուցէ՛ք հերքել Արեւմտեան Ասիոյ մէջ ձեւաւորուող նոր աշխարհակարգը։ Ժամանակն է ընդունելու Իրանի կողմէ բազմիցս ներկայացուած եօթը պայմանները եւ յանձնուելու անոնց»,- նշած է Իրանի պաշտօնեան։