Թրամփ. Իրան Երբեք Միջուկային Զէնք Պիտի Չունենայ

հեղինակ՝
10 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ ընդգծած է, որ Թեհրան երբեք միջուկային զէնք պիտի չունենայ։

«Իրան երբեք միջուկային զէնք պիտի չունենայ։ Ասիկա քննարկման ենթակայ չէ։ Անոնք զայն կը հասկնան եւ կ՚ընդունին, պարզապէս հրապարակաւ չեն խոստովանիր։ Անոնք կրնան ըսել, որ համաձայն չեն, բայց իրականութեան մէջ լիովին կ՚ընդունին զայն»,- յայտնած է ԱՄՆ նախագահը։

Ան աւելցուցած է, որ ԱՄՆ զինեալ ուժերը լիովին պատրաստ են եւ զինուած ենլաւագոյն ռազմական սարքերով, սակայն Ուաշինկթըն չի կարծեր, որ անոր գործածութեան անհրաժեշտութիւն պիտի ծագի։

«Ամէն ինչ շատ լաւ կ՚ընթանայ։ Վեց ամիս է՝ ոչ մէկ զինուոր չենք կորսնցուցած»,- նշած է Թրամփ։

Ան նաեւ յայտնած է, որ Հորմուզի նեղուցը փակ է Իրանի համար։

«Մենք կը տեսնենք հակամարտութեան աւարտին ուղղուած դրական զարգացումներ։ Կը կարծեմ՝ ան բաւական շուտով պիտի վերջանայ»,- ըսած է ան։

Թրամփի խօսքով՝ ռազմական առումով հակամարտութիւնը արդէն կարելի է աւարտած համարել, եւ ԱՄՆ պարզապէս կը պահպանէ ստեղծուած իրավիճակը՝ նկատի ունենալով նաեւ հարեւան երկիրներուն ցանկութիւնը։

Ան յայտնած է նաեւ, որ Իրան բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու հետ եւ զայն կ՚ընէ «շատ քաղաքավարի»։

ԱՄՆ նախագահը, անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան, յայտնած է. «Այդ պատերազմը սկսած է 1979 թուականին։ Մենք չենք սկսած զայն։ Անոնք սկսած են»։

Թրամփ նաեւ պնդած է, որ Իրանի մէջ առնուազն 75 հազար ցուցարար սպաննուած է՝ երկիրը բնութագրելով որպէս «դաժան վայր»։

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ չի կրնար որեւէ բան երաշխաւորել։

«Բայց եթէ ստիպուած ըլլանք վերադառնալ, մենք լիովին պատրաստ ենք եւ կրնանք ցանկացած պահու գործել»,- ըսած է ան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss