Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Հանդիսութիւններու Դահլիճը Անուանակոչուած Է Հայ Նշանաւոր Բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի Անունով

հեղինակ՝
10 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Երեւանի Կապոյտ մզկիթի պատմական համալիրի հանդիսութիւններու դահլիճը անուանակոչուած է հայ նշանաւոր բանաստեղծ, իրանեան մշակոյթի եւ գրականութեան բարեկամ Եղիշէ Չարենցի անունով։

Հանդիսութիւններու դահլիճը Եղիշէ Չարենցի անունով անուանակոչելու արարողութեան մասնակցած է նաեւ աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Իրանի Սեյիտ Համիտ Փուրմոհամմատին։

Փուրմոհամմատին հանդիսաւորութեամբ բացած է դահլիճի անուանակոչման ցուցանակը։

«Այս նախաձեռնութեան նպատակն է յարգանքի տուրք մատուցել Չարենցի գրական ժառանգութեան, իրանական մշակոյթի եւ գրականութեան նկատմամբ անոր առանձնայատուկ հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի Կապոյտ մզկիթի պահպանման գործին մէջ անոր ունեցած աւանդին։

Հայ ժամանակակից գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Եղիշէ Չարենց խորապէս հետաքրքրուած էր Իրանի մշակութային եւ գրական ժառանգութեամբ, մասնաւորապէս՝ Ֆիրտուսիի «Շահնամէ» դիւցազներգութեամբ, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Երեւանի Կապոյտ մզկիթի՝ որպէս Իրանի եւ Հայաստանի պատմամշակութային ժառանգութեան խորհրդանիշներէն մէկու պահպանման գործին մէջ։

Նախատեսուած է նաեւ այս մշակութային նախաձեռնութեան շարունակութեան ծիրին մէջ Կապոյտ մզկիթի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղադրել եւ հանդիսաւորութեամբ բանալ հայ նշանաւոր բանաստեղծի կիսանդրին։

«Դահլիճի անուանակոչումը նախաձեռնութիւն մըն է, որ ուղղուած է ընդհանուր մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ունեցած գործիչներու յիշատակի յաւերժացման, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու պատմական ու մշակութային կապերու ամրապնդման»,- ըսուած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ։ 

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss