Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումէն ետք Ուքրանիան «քիչ մը այլ տեսք պիտի ունենայ»։
«Կը կարծեմ՝ ատիկա պիտի պատահի, եւ ի վերջոյ անոնք պիտի ունենան քիչ մը այլ տեսք ունեցող Ուքրանիա»,- ըսած է Թրամփ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ իրեն շուտով պիտի յաջողի կարգաւորել ուքրանական հակամարտութիւնը։
«Ես լաւ յարաբերութիւններ ունիմ երկուքին՝ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն հետ։ Կը հաւատամ, որ այս պատերազմը պիտի վերջանայ, եւ պիտի վերջանայ շուտով։ Եւ միակ պատճառը, որուն շնորհիւ ան պիտի վերջանայ, ես եմ»,- աւելցուցած է Թրամփ։