ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սթամպուլ քաղաք կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ այցելած է Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարան։
Գլխաւոր յանձնակատարը հանդիպած է վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանի, փոխտնօրէն Լուսինէ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ հոգաբարձուներ Դալար եւ Արտօ Հորոզօղլուներու հետ։
Վարժարանին մէջ, ուր ներկայիս կը սորվին Հայաստանէն շուրջ 50 աշակերտ, կրթութիւնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ծրագրին համապատասխան՝ նպաստելով հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու փոխանցման։

Այցի ընթացքին Զարեհ Սինանեան ծանօթացած է վարժարանի գործունէութեան, կրթական ծրագրերուն եւ ուսումնական գործընթացի կազմակերպման առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ լսած է աշակերտներու պատրաստած ելոյթները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են վարժարանի կրթական առաքելութեան, հայաստանցի աշակերտներու կրթութեան կազմակերպման, հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթական գործընթացի շարունակականութեան ապահովման առնչուող հարցեր։

Զարեհ Սինանեան ընդգծած է հայկական կրթօճախներու կարեւոր դերակատարութիւնը հայապահպանման, ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ՝ կարեւորելով վարժարանի կրթական գործունէութեան շարունակականութիւնն ու զարգացումը։