Անթալիոյ մէջ ընթացող COP31 — Առաջնորդներու գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ։
Զրուցակիցները կարեւորած են Երեւանի մէջ օրերս կայացած Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ անոնց արդիւնաւէտ իրականացումը։
Կողմերը ընդգծած են երկկողմ բարձր մակարդակի հանդիպումներու խտացեալ բնոյթը եւ համոզում յայտնած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան կապերու ընդլայնման տարբեր ուղղութիւններով։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր։