Անթալիոյ մէչ COP31-ի շրջանակին մէջ ընթացող Առաջնորդներու գագաթաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը։
Թուրքիոյ նախագահը ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը Անթալիա եւ մասնակցութիւնը Առաջնորդներու գագաթաժողովին:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է նախագահ Էրտողանը միջոցառման լաւ կազմակերպման առիթով։
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է Իզմիրի մետաղագործական գործարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհերու առնչութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ընդգծած են զայն յառաջ մղելու եւ տրամաբանական աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը: Այդ առումով, կողմերը կարեւորած են մինչ այժմ իրականացուած միջոցառումները եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ խթանումը:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներու շուրջ: Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ընդգծած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ նշելով, որ այն նոր ազդակ կը հաղորդէ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հաղորդուղիներու ապաշրջափակման, այդ շարքին՝ TRIPP նախագիծի իրականացման ուղղուած քայլերուն: