ՀԱՊԿ գագաթաժողովի մասնակիցները զրկած են Հայաստանը կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ քուէարկելու իրաւունքէն։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։
«Նկատի ունենալով, որ ՀՀ-ն քանի մը տարի չէ կատարած կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ առաջարկուած եւ որոշուած է զրկել քուէարկութեան իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ իր ներկայացուցիչները բարձր պաշտօններու նշանակելու հնարաւորութենէն»,- ըսած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ՝ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հեռացման հարցը Մոսկուայի գագաթաժողովին չէ բարձրացուած։