Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհուրդի նիստին Հայաստանը կազմակերպութենէն հեռացնելու վերաբերեալ հարց չէ քննարկուած։
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտնած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով՝ խօսելով նաեւ Հայաստանի նկատմամբ ՀԱՊԿ կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածը կիրարկելու մասին։
«Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն հեռացնելու հարց օրակարգին մէջ չէ եղած։ Երբ Հայաստանը որոշէ մարել անդամավճարներու մասով առկայ պարտքերը, պիտի վերականգնէ իր լիարժէք մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն՝ թէ՛ անձնակազմ գործուղելու, թէ՛ կազմակերպութեան գործունէութեան մասնակցելու առումով։ Որոշումը կախուած է Հայաստանի ղեկավարութենէն։
Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանը ո՛չ անդամավճարները վճարած է, ո՛չ ալ իր անձնակազմը ուղարկած է ՀԱՊԿ քարտուղարութիւն կամ միացեալ շտաբ։ Փաստացի, թէեւ Հայաստանը թեքնիքապէս ներկայ եղած է Մշտական խորհուրդի նիստերուն, բայց չէ մասնակցած որեւէ քննարկման եւ որեւէ ներդրում չէ ունեցած այդ աշխատանքներուն մէջ։ Հետեւաբար, օրակարգին մէջ ընդգրկուած է ՀԱՊԿ կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածի կիրարկման վերաբերեալ հարց. յօդուած մը, որ ըստ էութեան կը նկարագրէ այն իրավիճակը, որ գործնականօրէն տեղի կ՚ունենայ արդէն գրեթէ երեք տարի»,- ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը։
Թաալաթպեք Մասատիքով նաեւ աւելցուցած է, որ նախորդ տարիներուն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը շատ դրական ու կառուցողական ներդրում ունեցած են ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն մէջ։