Թեհրան շահագրգռուած է Չինաստանի միջնորդութեամբ՝ հակամարտութիւնները կարգաւորելու եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը կայունացնելու հարցով։ Այս մասին յայտնած է Իրանի խորհրդարանի (Մեճլիսի) նախագահ Մոհամմատ Պաքեր Ղալիպաֆ, որ նաեւ Իրանի յատուկ ներկայացուցիչն է Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցերով։
Ան առաջարկած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար կիրարկել չինական դիւանագիտութեան յաջողած փորձը՝ մասնաւորապէս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրինակը։
«Ինչպէս գիտէք, Չինաստան միջնորդեց Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ: Այդ միջնորդութեան շնորհիւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները վերականգնուեցան։ Մենք կրնանք Չինաստանի հետ համագործակցութեան նմանատիպ ձեւեր կիրարկել՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հասնելու համար», — ընդգծած է Իրանի խորհրդարանի նախագահը։