Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ ողջունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճիգերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ։
Լիթուանիոյ նախագահը այդ մասին ըսած է Տապլինի մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին։
«Կ’ողջունեմ երկու երկիրներու առաջնորդներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի գործադրած ճիգերը։ Կը կարծեմ՝ անոնք շատ դրական արդիւնքներ տուած են, եւ այժմ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է։ Յոյս ունիմ, որ ապագային անոնց միջեւ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն բարելաւուիլ։ Սա շատ կարեւոր է երկու երկիրներու եւրոպական ձգտումներուն համար»,- ընդգծած է Լիթուանիոյ նախագահը։
Անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ Նաուսետան նշած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած քաղաքական ուժին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակը ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդը ընտրած է խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ եւրոպական ապագայի ուղին։
«Լիթուանիան Հայաստանի վաղեմի եւ մտերիմ դաշնակիցն է։ Մենք պիտի օգտագործենք մեր փորձն ու գիտելիքները՝ եւրոհամարկման ճամբուն վրայ Հայաստանին աջակցելու համար»,- ըսած է Կիթանաս Նաուսետան։