Շատ Դրական Հանդիպում Ունեցանք Էրտողանի Հետ. Վարչապետ Փաշինեանը՝ Թուրք Լրագրողին

հեղինակ՝
12 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Շատ դրական հանդիպում ունեցանք Էրտողանի հետ. անհամբեր կը սպասենք մեր յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Անթալիոյ մէջ թրքական «TRT World»-ի լրագրողի հարցումին ի պատասխան՝ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր մենք շատ դրական հանդիպում ունեցանք նախագահ Էրտողանի հետ, եւ մենք շատ դրական երկխօսութիւն ունինք ու անհամբեր կը սպասենք մեր յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման»,- ըսած է վարչապետը՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ր փուլին մէջ կը գտնուի այժմ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

Իսկ այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ծիրին մէջ կ՚արժեւորէ երկու երկիրներու միջեւ գործընկերութիւնը, Փաշինեան պատասխանած է. «Այո՛, ի հարկէ։ Այժմ մենք պէտք է վերանորոգենք եւ բանանք մեր երկիրներու միջեւ երկաթուղին, եւ մենք կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss