Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ճուլի Քրոլին։
Շնորհաւորելով Քրոլին պաշտօնի ստանձնման առթիւ՝ դեսպան Յարութիւնեան անդրադարձած է հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած շարք մը հարցերու։
Երկուստեք կարեւորուած են առեւտրատնտեսական կապերու խորացումը, տնտեսական համագործակցութեան տարաբնոյթացումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, խորհրդարանական եւ գործարար կապերու ամրապնդումը։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն եւ վերահաստատած երկկողմ օրակարգը առաջ մղելու պատրաստակամութիւնը։