Իրանի դէմ պատերազմը ԱՄՆ-ի համար արժած է 48,3 միլիառ տոլար, Փետրուարի սկիզբը հակամարտութեան մեկնարկէն ի վեր։ Գոնկրէսի լսումներու ժամանակ այս մասին յայտնած է Փենթակոնի պիւտճէկան եւ յատկացումներու հարցերով գլխաւոր վերահսկիչի տեղակալ Արթըր Միլլըր։
«Այդ թիւը կը ներառէ զինամթերքը, ռազմական սարքաւորումներու փոխարինման, ինչպէս նաեւ շահագործման ծախսերը»,- ըսած է Միլլըր։
Պաշտօնեային խօսքով՝ այդ գումարին մէջ չի մտներ այն վնասը, որ հասցուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն, որոնցմէ քանի մը հատը զգալիօրէն վնասուած են իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու յարձակումներէն, ինչպէս նաեւ վնասը համաշխարհային տնտեսութեան։
Ինչպէս կը նշէ CBS News հեռուստակայանը, ասոնք Փենթակոնի ծախսերուն վերաբերեալ առաջին թարմացուած տուեալներն են Հոկտեմբերի կէսերէն իվեր, երբ պատերազմին արժէքը գնահատուած էր 47,1 միլիառ տոլար։ Այդ ժամանակուան տուեալներով՝ այդ գումարին հիմնական մասը բաժին կ՚իյնար սպառուած զինամթերքի փոխարինման՝ մօտ 29 միլիառ տոլար։ Ռազմական սարքաւորումներու, այդ կարգին՝ օդանաւերու եւ անօդաչու թռչող սարքերու կորուստները կը կազմէին մօտ 6 միլիառ տոլար։