Փաշինեան. Նոր Սահմանադրութեան Հանրաքուէն Նաեւ Անկախութեան Հանրաքուէ Է

հեղինակ՝
20 Նոյեմբերի 2026
7 ր. ընթերցում

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Նոյեմբերին ՀՀ Ազգային ժողովի hերթական նիստին եզրափակիչ ելոյթ ունեցած է «ՀՀ 2027 թուականի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ։

Ծաւալուն ելոյթին ընթացքին ի թիւս շարք մը նիւթերու՝ ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է պիւտճէական եռօրեայ քննարկումներու ժամանակ ընդդիմութեան հնչեցուցած թէզերուն, իշխանութեան վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ մեղադրանքներուն ու շարք մը հակափաստարկներ ներկայացուցած է։ Նիկոլ Փաշինեան խօսած է ընդդիմութեան ծրագրային թէզերուն ու առաջարկուած շարք մը անընդունելի դրոյթներու, մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրողութիւններուն ու օրակարգային առաջնահերթ խնդիրներուն մասին։

«Քաղաքական այս ուժերը, որոնք հանդէս կու գան նոր Սահմանադրութեան դէմ ու կը խօսին անկախութեան հռչակագիրի պաշտպանութեամբ եւ գործող Սահմանադրութեան պաշտպանութեամբ, իրենք հանդէս կը գան մեր երկրի բովանդակութեան մէջ պատերազմի եւ հակամարտութեան DNA-ը պաշտպանելու եւ պահպանելու տրամաբանութեամբ»,- ընդգծած է գործադիրի ղեկավարը ու փաստած․«Այն հանրաքուէն, որ կ՚առաջարկուի, ոչ միայն Սահմանադրութեան հանրաքուէ է։ Ան, նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէ ըլլալով, նաեւ անկախութեան հանրաքուէ է, որովհետեւ մենք հակամարտութեան ու ապապետականութեան եւ պատերազմի DNA-ը (պետութեան DNA-ի մասին է) կ՚առաջարկենք փոխարինել խաղաղութեան, զարգացման, բարեկեցութեան ազատութեան եւ անկախութեան DNA-ով»։

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ երկուշաբթի օրը Արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, եւ ինք ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին։

«Կ՚առաջարկեմ, որ ընդդիմութիւնը ապահովէ անհրաժեշտ 6 ձայնը, ամբողջ խմբակցութեամբ չքուէարկեն, եւ մենք երթանք հանրաքուէի, նոր Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէի։ Պաշտօնապէս կ՚ըսեմ։ Եթէ ժողովուրդը դէմ քուէարկէ հանրաքուէին, ընթացքին նոր Սահմանադրութեան, այսինքն՝ իմ փաստարկներս համոզիչ չթուին մեր հանրութեան, ես հրաժարական կու տամ հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք մէկ շաբթուան ընթացքին։ Եթէ ժողովուրդը կողմ քուէարկէ Սահմանադրութեան, ես դարձեալ պաշտօնապէս կ՚ըսեմ՝ յաջորդ ընտրութիւններուն, ընդ որում հերթական պիտի ըլլան, թէ արտահերթ, ես չեմ առաջադրուիր որպէս վարչապետի թեկնածու»,- ելոյթին ընթացքին իր առաջարկին անդրադարձած է ՀՀ վարչապետը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss