«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան յայտնած է, որ խմբակցութիւնը կը մերժէ նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէին աջակցելու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը։
Գրիգորեան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նշած է, որ վարչապետին հեռանալու առաջարկը չի փոխեր սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ իրենց գնահատականը։
Գրիգորեան մտավախութիւն յայտնած է, որ վարչապետը հետագային կրնայ փոխել իր դիրքորոշումը՝ զայն բացատրելով իրավիճակի փոփոխութեամբ։
Խմբակցութեան ղեկավարը չէ ընդունած նաեւ խաղաղութեան գործընթացին խոչընդոտելու վերաբերեալ ընդդիմութեան հասցէին իշխանութեան գնահատականները՝ համաձայնագրի չստորագրումը պայմանաւորելով Ատրպէյճանի դիրքորոշումով։
«Խաղաղութեան խոչընդոտը Հայաստանի մէջ չէ, Հայաստանէն դուրս է, եւ Ատրպէյճանն ու ատրպէյճանական քաղաքականութիւնն են, որ կը խոչընդոտեն խաղաղութիւնը։ Հակառակ պարագային խաղաղութեան պայմանագիրը վաղուց ստորագրուած պիտի ըլլար»,- յայտնած է Գրիգորեան։
Գրիգորեանի գնահատումով՝ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը լայն հանրային համաձայնութիւն կը պահանջէ, մինչդեռ ներկայիս հասարակութիւնը խիստ բեւեռացուած է։
Հարցումին՝ վարչապետին առաջարկը որեւէ խողովակով փոխանցուա՞ծ է Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սամուէլ Կարապետեանին, Գրիգորեան յայտնած է, որ իր տեղեկութիւններով՝ նման հաղորդակցութիւն չէ եղած։ Ան Փաշինեանին առաջարկած է նախաձեռնութիւնը ներկայացնել նաեւ անոնց՝ կալանքի վայրին մէջ։
Արտահերթ ընտրութիւններու հնարաւորութեան վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան՝ Գրիգորեան նշած է, որ ընդդիմութիւնը կը քննարկէ տարբեր բեմագրեր։